Ամերիկացի Ուեսլի Սօ տիրացաւ «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի «Օփերա Եուրօ Ռափիտ» առցանց մրցաշարքի տիտղոսին:
Աւարտականին Սօ, որ մրցեցաւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան, Մակնուս Քարլսընի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց երկրորդ օրուան ընթացքին իր ձեռք ձգած յաջողութեան շնորհիւ:
Անոնց միջեւ առաջին օրուան չորս հանգրուանի ճակատումները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ: Երկրորդ օրը սակայն, Սօ առաւելութեան հասաւ 2,5-1,5 արդիւնքով եւ հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Կիսաւարտականին Սօ յաղթեց ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապովին, իսկ Քարլսըն` ֆրանսացի Վաշիէ-Լակրաւին:
Տիտղոսակիր դառնալով` Սօ այսպիսով ստացաւ 30 հազար ամերիկեան տոլար:



