– Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Նափոլիի դաշտէն: Հիւրընկալ կազմը իր կոլը նշանակեց փենալթիով` 31-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութեան պատճառով, Եուվենթուս 3-րդ դիրքէն նահանջեց 4-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով Ա. Էս. Ռոմային, որ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուտինեզէին, այժմ կէտով մը կը գերազանցէ Եուվենթուսին:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Ճորտըն Վերեթութ, մինչ 3-րդ կոլը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) նշանակեց Փետրօ Ռոտրիկես:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. էս. Ռոմայի հետ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Այս հանգրուանի մրցումներուն պարտութիւն կրեց նաեւ Ա. Սէ. Միլան, որ 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Սփեցիայի դաշտէն:



