Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի միջազգային յետսապահ Մարսելօ 13 փետրուարին ձախ ոտքի վնասուածք մը ստացաւ, այս մասին յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, անոր կազմը թէեւ Կեթաֆէի դէմ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն 32 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումին աւարտէն չորս վայրկեան առաջ վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը անոր ֆութպոլի դաշտ վերադարձին մասին ճշգրիտ թուական մը չտուաւ: