Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ իր աւարտին հասաւ պալքանեան երկիրներու 20 տարեկանէն վար աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 երկիրներէ եկած շուրջ 200 մարզիկներ:
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին երկու մարզիկներ` Գոռ Բեգլարեան եւ Նարեկ Սրապոնեան: Անոնք երկուքն ալ յաջողեցան մետալի տիրանալ:
Մէկ քայլ ոստումի մրցումին, 11 մարզիկներու մէջ, Բեգլարեան արձանագրելով 7,29 մեթր արդիւնք մը, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Իսկ երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, Սրապոնեան, որ 9 մարզիկներուն մէջ արձանագրեց 15,26 մեթր արդիւնք մը, տիրացաւ արծաթ մետալին:
Իր տիրացած այս երկու մետալներուն շնորհիւ, Հայաստան տղոց խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը, իսկ խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ հանդիսացաւ 7-րդ: