Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազգային տարիքային տարբեր հաւաքականներու նախկին գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան նշանակուեցաւ կազմակերպութեան թեքնիք տնօրէն:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլի մասնագէտը պիտի համակարգէ եւ կազմակերպէ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին վերաբերեալ տարբեր տեսակի աշխատանքները:
Ան, իրեն օգնական ունենալով Սուրէն Չախալեանը, Արտակ Օսէեանը եւ Մհեր Միրումեանը, ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի հսկէ ազգային հաւաքականներու աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ պիտի կատարէ մարզական կրթութեան կազմակերպման տարբեր տեսակի գործունէութիւններու իրականացումը:



