Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 փետրուարին հիւրը պիտի ըլլայ քաթալոնական Պարսելոնային: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմը, որ երէկ հասաւ Պարսելոնա, այս մրցումին պիտի մասնակցի առանց պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի եւ արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի: Անոնք երկուքն ալ վիրաւոր են:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը պիտի կատարուի 10 մարտին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:
Նշենք, որ այսօր նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ Լիվըրփուլ-Լայփցիկ ճակատումը: