Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ջրառատ գիւղին մէջ, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի (109 քկ) անուան ծանրաբարձութեան մարզադպրոցին նախագիծը պատրաստ է, այս մասին յայտնեց մարզիկին անձնական մարզիչը` Աշոտ Փիլոսեան:
Ըստ Փիլոսեանի, շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ գարնան:
«Կը կարծենք, որ մարզադպրոցը պատրաստ պիտի ըլլայ շինարարական աշխատանքներուն սկսումէն 4-5 ամիս ետք: Անիկա նախատեսուած պիտի ըլլայ միայն ծանրաբարձութեան համար, թէեւ իմ փափաքս էր, որ անոր մէջ ընդգրկուէին քանի մը մարզաձեւեր», ըսաւ Փիլոսեան:
Նշենք, որ Սիմոն Մարտիրոսեանի անուան ծանրաբարձութեան մարզադպրոցին նախագիծը Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուած էր նախորդ տարուան փետրուարին: