Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 24-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Մանչեսթըր Սիթի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Թոթենհամը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սիթի ունեցաւ եօթը կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբին եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Եունայթըտի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի հետ:
44-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆերնանտես նշանակեց Եունայթըտի հաւասարութեան կոլը:
Սակայն երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, կրեց տարեշրջանի իր 6-րդ պարտութիւնը, Լայսթըր Սիթիի դաշտին վրայ, 3-1 արդիւնքով:
Մոհամետ Սալահ թէեւ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (67-րդ), սակայն աւելի ուշ հիւրընկալ կազմը նշանակեց երեք կոլ:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ այժմ 13 կէտով ետ կը մնայ Մանչեսթըր Սիթիէն, որ մրցում մըն ալ նուազ կատարած է: