Երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, իր աւարտին հասաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը, աշխարհի թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ 4-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւի միջեւ:
Արձանագրելով 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ճոքովիչ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը:
Նշենք, որ այսպիսով, 18 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած Ճոքովիչ Աւստրալիոյ մէջ 9-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտական մրցումին, որ կատարուեցաւ նախանցեալ օր, 3-րդ դասուած ճափոնցի Նաոմի Օսաքա հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի իր մրցակիցին` Ճենիֆըր Պրէյտիին (22-րդ):
Օսաքա 2019-ին եւս հանդիսացած էր տիտղոսակիր: