«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բաւական հետաքրքրական, «տաք» եւ զօրաւոր ճակատումներ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլելիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ լոնտոնեան Չելսին:
Այլ կարեւոր ճակատումի մը ընթացքին, Պայէրն Միւնիխ Իտալիոյ մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Լացիօ Ռոմային:
Այս երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Վաղուան յայտագիրին եւս կը գտնուին երկու մրցումներ:
Աթալանթա կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտին, իսկ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ` Մանչեսթըր Սիթիին: