Նախորդ շաբաթավերջին, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նափոլիին մաս կազմող նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմհեն, Աթալանթայի դէմ կատարուած մրցումին, գլուխէն իր ստացած վնասուածքին պատճառով տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
21 տարեկան ֆութպոլիստը հիւանդանոց հասաւ` իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած:
Երէկ նշուեցաւ, որ ան Պերկամոյի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, կը շարունակէ մնալ բժիշկներու հսկողութեան տակ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Նափոլիի հետ կատարեց 15 մրցում` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով էսիսթ մը: