«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, փորթուգալեան Փորթօ Եուվենթուսի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (2-1) բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց` նկատի ունենալով, որ անիկա այս մրցաշարքին «փլէյ օֆ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ նշանակեց ամէնէն արագ կոլը` 2013-էն ետք:
Մրցումին 63-րդ երկվայրկեանին իրանցի յառաջապահ Մեհտի Թարեմի նշանակեց փորթուգալեան կազմին առաջին կոլը:
Նշենք, որ ապրիլ 2013-ին Պայէրն Միւնիխի աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա Եուվենթուսի դէմ կատարուած մրցումին 24-րդ երկվայրկեանին նշանակեց կոլ մը, այս մասին յայտնեց «Օփթա»:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 մարտին:
Այլ մրցումի մը, Սեւիլլա իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտէն:
Ինչ կը վերաբերի երեքշաբթի օր տեղի ունեցած մրցումներուն, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ կրեց 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը` Փարիզ Սեն Ժերմենէն, իսկ Լայփցիկ` Լիվըրփուլէն (2-0):



