Հաալանտ Աշխատավարձի Յաւելում Կը Պահանջէ
Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող նորվեկիացի 20 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ, Մինօ Ռայոլայի միջոցով (անոր փոխանցման գործողութիւնները կատարողը) գերմանական ակումբէն աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ:
Ըստ «Տէյլի Սթար»-ին, ան կը փափաքի, որ իր ակումբը իրեն հետ կնքէ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը, շաբաթական 350 հազար եւրօ աշխատավարձով, ինչ որ հինգ տարուան ընթացքին պիտի կազմէ նուազագոյնը 90 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Ռէալ Մատրիտ, Մանչեսթըր Սիթի, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի:
Ան այս տարեշրջանին, իր ակումբին հետ իր կատարած 26 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 29 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական