«Էն. Պի. Էյ.» Նեթց Յաղթական` Լոս Անճելըսի Մէջ. Հարտեն Նշանակեց 37 Կէտ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Պրուքլին Նեթց կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ Լոս Անճելըսէն, ուր 112-108 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Քլիփըրզին:
Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ: Քլիփըրզէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 34 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք ամէնէն աւելի շատ յաղթանակը արձանագրած է Եութա Ճեզ (24):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական