Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Եւս Է ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեան

Փետրուար 22, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց միութեան կարեւոր դէմքերէն` վաստակաշատ  եղբայր Ժաք Պոյաճեանին:

Աւելի քան 70 երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ծառայած եւ իր ամբողջ կեանքը միութեան նուիրած 90-ամեայ Ժաք Պոյաճեան այս աշխարհէն կը հեռանայ` իր ետին ձգած քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներ, նկատի ունենալով, որ ան դաստիարակած է սերունդներ` անոնց մէջ դրոշմելով ՀՄԸՄ-ական ոգին:

Ան եղած է պասքեթպոլիստ, ֆութպոլիստ, վարչական պատասխանատու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ անոր հիմնադիրներէն մէկը, ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Ծառայութեան» եւ «Արժանեաց» շքանշանակիր, ինչպէս նաեւ վարած է միութենական տարբեր տեսակի պաշտօններ` զանոնք բոլորն ալ կատարելով սիրայօժար կերպով, առանց որեւէ մէկ ակնկալութեան` միշտ ամէն ինչէ վեր դասելով ՀՄԸՄ-ի անունը:

Ժաք Պոյաճեան միշտ ալ ներկայ կը գտնուէր ՀՄԸՄ-ի տղոց եւ աղջկանց կատարած պասքեթպոլի բոլոր մրցումներուն, մինչեւ անոնց դադրեցումը` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով:

Նշենք, որ անոր մահուան առիթով երէկ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը:

Նախորդը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Տպաւորիչ Յաղթանակը Պահրէյնի Դէմ` 102-87 Արդիւնքով

Յաջորդը

Եւրոպայէն 80 Երիտասարդներ Կը Սկսին HAYTADOLOGY II. Դասընթացքին

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?