Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը, Որ Պահրէյնի Մայրաքաղաք Մանամայի Մէջ Մրցեցաւ Դաշտին Տիրոջ Դէմ, Արձանագրեց Իր 5-Րդ Յաջորդական Յաղթանակը, 102-87 Արդիւնքով:
Այս Մրցումը Կ’իյնայ Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Զտումի Մրցումներուն Ծիրին Մէջ, Որոնց Աւարտական Հանգրուանը Պիտի Կատարուի 16-28 Օգոստոսին, Ինտոնեզիոյ Մայրաքաղաք Ճաքարթայի Մէջ:
Պահրէյնի Դէմ Կատարուած Այս Մրցումին, Լիբանանէն Բաւական Տպաւորիչ Ելոյթ Ունեցաւ Ժերար Հատիտեան, Որ Նշանակեց 18 Կէտ: Սերճիօ Տարուիշ Նշանակեց 19 Կէտ, Իսկ Քարիմ Ազզէտտին` 17:
Նշենք, Որ Լիբանանի Մարզիչ Ճօ Մուժահես Այս Մրցումին Նկատի Առաւ Իր Բոլոր Մարզիկները:
Այստեղ Նշենք, Որ Լիբանան, Նախքան Իր Այս Մրցումը Կատարելը, Արդէն Իսկ Ապահոված Էր Աւարտական Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը:
Մայրիներու Կազմը Այսօր` Երկուշաբթի, 21 Փետրուարին Կը Կատարէ Զտումի Իր 6-Րդ Եւ Վերջին Մրցումը, Երբ Դարձեալ Մանամայի Մէջ Կը Մրցի Հնդկաստանի Դէմ, Ժամը 16:00-Ին` Պէյրութի Ժամանակացոյցով: