Իտալական Քալիարի ֆութպոլի խումբը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Էօզեպիօ Տի Ֆրանչեսքոն:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոր հետ պաշտօնազրկուեցան նաեւ մարզիչներու յանձնախումբին մաս կազմող հինգ անդամներ:
Նշենք, որ ակումբը անոր հետ, նախորդ 25 յունուար 2021-ին կնքած էր նոր պայմանագրութիւն մը, մինչեւ յունիս 2023:
Ան նախապէս եղած է Սասուոլոյի, Ա. Էս. Ռոմայի, Սամտորիայի, Փեսքարայի եւ Լեչէի մարզիչ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Քալիարի կը գտնուի 18-րդ վտանգաւոր դիրքին վրայ: