Կիպրոսի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Անորթոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսա Քաթոքափիան, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը:
Անորթոսիսի այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, 5-րդ վայրկեանին:
Համբարձումեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, այսպիսով նշանակեց իր առաջին կոլը` Կիպրոսի ընթացիկ ախոյեանութեան ընթացքին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անոր կազմը այժմ 51 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` 5 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Օմոնիա Նիկոսիայէն: