Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, իրարու դէմ մրցեցան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանը եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Ա. Սէ. Միլան:
Միլանօ քաղաքի այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորած կազմին` Ինթեր Միլանի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Արժանթինցի Լաութարօ Մարթինեզ տուպլէ մը իրագործեց (5-րդ եւ 57-րդ), իսկ երրորդ կոլը նշանակեց պելճիքացի Ռոմելու Լուքաքու (60-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ինթեր ունեցաւ 53 կէտ, մինչ Ա. Սէ. Միլանի կէտը մնաց 49:



