Ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի ախոյեան, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու յաղթական Արթուր Ալեքսանեան հանդիպում ունեցաւ արցախեան պատերազմին մասնակցած վիրաւոր զինուորներուն հետ:
Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականին միւս ըմբիշները եւ արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեան:
Անոնց հետ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, ուր Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ հաւաքականները միատեղ հաւաք մը կը կատարեն` պատրաստուելու համար 25-28 փետրուարին Քիեւի մէջ կատարուելիք ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի մը: