Գերմանական «Քիքըր» մարզաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Ալեքսանտր Նուպել իր կազմը լքելով տեղափոխուի Ֆրանսա եւ միանայ Մոնաքոյի:
Միւնիխեան ակումբը դէմ չէ այս քայլին` նկատի ունենալով, որ ան ընդհանրապէս մրցումներուն իր մասնակցութիւնը չի բերեր:
Ան այս տարեշրջանին Պայէրնի հետ կատարեց 2 մրցում միայն: