Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի, Ինթեր Միլանի եւ Փարմայի նախկին ֆութպոլիստ Լուիճի Սարթոր նախանցեալ օր ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ եւ ապա 14 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ «Մարիխուանա» աճեցնելու յանցանքով:
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յետսապահը Փարմա քաղաքին մէջ գտնուող իր արտին մէջ «Մարիխուանա»-ի 106 ծառ տնկած էր: Ան պիտի մնայ տնային կալանքի տակ:
Ան դատարանէն խնդրած էր կամաւորական աշխատանք կատարել վերականգնողական կեդրոններէն մէկուն մէջ, սակայն մերժում ստացաւ:
Նշենք, որ Սարթոր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2009-ին:
1998-2002 ժամանակամիջոցին ան 2 մրցում կատարած է Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:



