Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 24-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն հեթրիք մը իրագործեց լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (26-րդ, 44-րդ` փենալթիով եւ 90-րդ): Իսկ Տորթմունտէն, տուպլէ մը իրագործեց նորվեկիացի Էրլինկ Պրոթ-Հաալանտ (2-րդ եւ 9-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Պայէրն 55 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անոր ետին կը գտնուի Լայփցիկ, որ ունի 53 կէտ: Իսկ Տորթմունտ 39 կէտով կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ: