Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը զօրաւոր եւ տաք ճակատումներ:
Անգլիոյ մէջ, գագաթի ճակատումը վաղը իրարու դէմ պիտի հանէ Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը, ուր մանչեսթըրեան տերպիի մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Սիթի եւ Եունայթըտ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանիոյ մէջ, դարձեալ տերպիի մրցումին, վաղը իրարու դէմ պիտի մրցին մայրաքաղաք Մատրիտի երկու խումբերը` Աթլեթիքօ եւ Ռէալ, ժամը 17:15-ին:
Իսկ Գերմանիոյ մէջ այսօր իրարու դէմ պիտի մրցին Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ, ժամը 19:30-ին:



