Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ վնասուածք ստացաւ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին:
Սպանացի 34 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումէն ետք բժշկական քննութիւններու ենթարկուեցաւ: Ի յայտ եկաւ, որ ան ստացած է աջ ծնկայօդի վնասուածք, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` ճշգրիտ թուական մը չտալով անոր ապաքինման ժամանակամիջոցին մասին:
Նշենք, որ ան այս տարեշրջանի սկզբնաւորութեան վիրաւորուելով, երեք ամիսով բացակայած էր ֆութպոլի դաշտերէն:
Վերոնշեալ մրցումին Պարսելոնա արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսպիսով հանգիստ ձեւով մը ապահովելով աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթի մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: