Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Մանչեսթըրեան այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Եունայթըտի յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով:
11-րդ վայրկեանին փորթուգալցի միջնապահ Պրունօ Ֆերնանտես փենալթիով նշանակեց Եունայթըտի առաջին կոլը: Իսկ 50-րդ վայրկեանին, անգլիացի յետսապահ Լիւք Շօ արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ (2-րդ) իր եւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց 11-ի:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ իր հիւրէն` Ֆուլհեմէն, 1-0 արդիւնքով: Հիւր կազմին կոլը նշանակեց կապոնցի միջնապահ Մարիօ Լեմինա (50-րդ):
Ասիկա Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմին համար եղաւ յաջորդական 6-րդ պարտութիւնը` «Էնֆիլտ»-ի դաշտին վրայ: Բան մը, որ նախապէս չէր պատահած:
Լիվըրփուլ, որ այժմ 43 կէտով կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ, 22 կէտով ետ կը մնայ Սիթիէն: