Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Ժեզուս կը մտադրէ այս ամրան փոխել իր ակումբը:
Նշուեցաւ, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստը ձեռք ձգելու փափաք ունի քաթալոնական Պարսելոնա, այս մասին կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 65 միլիոն եւրօ գումարով մը:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին` Սիթիի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Ան այս տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերած է 19 մրցումի եւ նշանակած 6 կոլ: