Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան մայրաքաղաք Մատրիտի երկու կազմերը` Աթլեթիքօ եւ Ռէալ:
Մատրիտեան այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
15-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոյի կոլը նշանակեց, քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ:
Սակայն հիւր կազմը` Ռէալ, պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա նշանակեց իր կազմին` Ռէալի հաւասարութեան կոլը:
Աթլեթիքոյի արձանագրած այս հաւասարութենէն բնականաբար մեծապէս օգտուեցաւ անոր անմիջական մրցակիցը` Պարսելոնա, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Օսասունայի դաշտէն, իր (56 կէտ) եւ Աթլեթիքոյի (59 կէտ) միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց երեքի, հակառակ անոր որ Աթլեթիքօ մրցում մը նուազ կատարած է: Իսկ Ռէալ 54 կէտով կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ:
Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Եորտի Ալպա (30-րդ) եւ 18 տարեկան Իլայիքս Մորիպա (83-րդ): Նշենք, որ նշանակուած երկու կոլերուն ալ էսիսթը կատարեց Լիոնել Մեսսի: