Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը երկարաձգեց իր կնքած պայմանագրութիւնը իր պրազիլցի յետսապահին` Ռոժէ Իպանեսի հետ, մինչեւ յունիս 2025:
2020-ին Աթալանթայէն Ա. Էս. Ռոմայի միացած Իպանես այս պայմանագրութեան երկարաձգումէն ետք յայտարարեց, որ կատարուածը իրեն համար մեծ նշանակութիւն մը ունեցաւ, եւ ինք իր կարելին պիտի ընէ իր առաւելագոյնը տալու իր ակումբին: