Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, յիշատակելի որեւէ անակնկալ արդիւնք չարձանագրուեցաւ 2-րդէն 4-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն համար` նկատի ունենալով, որ Ա. Սէ. Միլան (2-րդ), Եուվենթուս (3-րդ) եւ Ա. Էս. Ռոմա (4-րդ) յաղթանակներ արձանագրեցին:
Ա. Սէ. Միլան, որ հիւրը եղաւ Հելաս Վերոնային, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Լացիօ Ռոման, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Ալվարօ Մորաթթա (57-րդ եւ 60-րդ` փենալթիով): Ան կատարեց նաեւ նշանակուած առաջին կոլին (39-րդ) էսիսթը:
Իսկ Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Ճենովան, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ Ճիանլուքա Մանչինիի նշանակած կոլին (24-րդ):
Այժմ Ա. Սէ. Միլան ունի 56 կէտ, Եուվենթուս` 52 կէտ, իսկ Ա. Էս. Ռոմա` 50 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլան, որ ունի 59 կէտ, այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 8 մարտին կը հիւրընկալէ Աթալանթան: