Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր (73 քկ), Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի «Մեծ սաղաւարտ»-ի միջազգային մրցաշարքին:
Իր արձանագրած երկու յաղթանակներէն ետք, ան քառորդ աւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Ռուսթամ Օրուճովի: Ապա ան կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, պարտութիւն մը կրեց, որմէ ետք պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին յաղթեց ֆրանսացի Չէյն Կիեմի:
Նշենք, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար ժիւտոյի մրցաշարքերուն մասնակցած մարզիկները ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ նկատի պիտի առնուին եւ իրենց տոմսը պիտի ապահովեն` ըստ իրենց գրաւած դիրքերուն: Խաղերուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենան դասաւորման առաջին 25 դիրքերը գրաւած մարզիկները: