Հայաստանի պասքեթպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն ծիրին մէջ, երէկ դարձեալ իրարու դէմ մրցեցան Վահագնի Սիթի եւ Դուին:
Միքա մարզահամալիրին մէջ կատարուած երէկուան այս մրցումին, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի գլխաւորած կազմը` Դուին, 85-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը կրճատել 3-2-ի, բնականաբար ի նպաստ Վահագնի Սիթիին:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց յաղթական կազմէն Տիմիթրիուս Լեւարիթի (30 կէտ):
Յաղթականը կը հռչակուի, երբ արձանագրէ 5 յաղթանակ:
Մնացեալ մրցումներուն թուականները ցարդ չեն յստակացած: