«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ Թիֆլիսի մէջ հիւրը եղաւ Վրաստանի, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը միայն կէտով մը կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: Վրաստան ունի 4 կէտ:
Այսպիսով, հայրենի կազմը կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը` իր արձանագրած հաւասարութեան կողքին: