«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 մարտին կը կատարուին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յաւելեալ երկու խումբեր եւս դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն:
Մանչեսթըր Սիթի իր մրցումը պիտի կատարէ «Փուշքաշ-Արենա» մարզադաշտին վրայ (Պուտափեշտ, Հունգարիա), ուր պիտի ճակատի Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երթին Սիթի Գերմանիոյ մէջ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նոյն ժամուն, սակայն, «Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ» մարզադաշտին վրայ, Աթալանթա հիւրը կ՛ըլլայ Ռէալ Մատրիտի:
Մայրաքաղաքի կազմը երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Իտալիոյ մէջ: