Հայաստանի ազգային ողիմպիականի կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Թոքիօ-2020-ի ամառնային խաղերուն կազմակերպիչները, «Քորոնա» ժահրին տարածման սպառնալիքին պատճառով, մտադրեցին 50 տոկոսով սահմանափակել մարզասէրներուն քանակը:
Մեծ մարզադաշտերուն պարագային, հանդիսատեսներուն թիւը պէտք չէ գերազանցէ 20 հազարը:
Եթէ համաճարակին տարածման իրավիճակը բարելաւուի, ապա կազմակերպիչները կրնան այդ որոշումէն հրաժարիլ:
Միեւնոյն ժամանակ, Ճափոնի իշխանութիւնները արտասահմանեան երկիրներուն կոչ ուղղեցին սահմանափակելու ողիմպիական խաղերու պատասխանատուներուն ուղեկցող մարդոց թիւը:
Թէեւ հիւր ղեկավարները մեկուսացումի պիտի չենթարկուին, սակայն անոնք քննութեան պիտի ենթարկուին նախքան իրենց երկրէն դուրս գալը եւ նախքան Ճափոն ժամանելը: Անոնց պիտի արգիլուի նաեւ շփուիլ մարզիկներուն հետ, եւ անոնց համար պիտի տրամադրուին յատուկ փոխադրամիջոցներ:



