Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները երէկ մեկնեցան Պուտափեշտ (Հունգարիա)` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային մրցաշարքի մը, որ պիտի ըլլայ կարեւոր, Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն տոմս ապահովելու գծով:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ):
18-21 մարտին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքի աւարտականին հասած ըմբիշները կ՛ապահովեն ողիմպիականի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան այս տարի` 23 յուլիսէն 8 օգոստոս:



