Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ սկսան ծախուիլ Հայաստան-Իսլանտա ֆութպոլի մրցումին տոմսերը` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մօտ գտնուող տոմսարկղէն:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 27 մարտին, կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
Իսկ այսօր` երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ կը սկսին ծախուիլ Հայաստան-Ռումանիա մրցումին տոմսերը: