Ակուերօ Պայմանաւորուեցաւ Պարսելոնայի Հետ
Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ բաւական մօտ է Պարսելոնա տեղափոխուելուն, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը, Պարսելոնայի նորընտիր նախագահ Խուան Լափորթայի հետ փոխադարձ համաձայնութեան եկած է իր տեղափոխութեան գծով: Ան 2021-ի ամրան ընթացքին 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ քաթալոնական ակումբին հետ, որուն պիտի միանայ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ: Անգլիական ակումբին հետ...




















