«Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի «Մակնուս Քարլսըն Ինվիթէյշընըլ» մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի առաջին օրը, երէկ հայրենի ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեան 2,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսընէն:
Առաջին եւ երկրորդ մրցումներուն, ՖԻՏԷ-ի յառաջատարը արձանագրեց երկու յաղթանակ, երրորդին արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն մը, որմէ ետք կարիքը չզգացուեցաւ չորրորդ ճակատումին:
Անոնց երկուքին միջեւ քառորդ աւարտականի երկրորդ հանդիպումները կը կատարուին այսօր` չորեքշաբթի:
Կրանտմասթըրները իրարու դէմ պիտի կատարեն 3-4 մրցում:
Մրցաշարքին նախնական հանգրուանին, Արոնեան 15 հանգրուաններուն ապահովելով 8 կէտ, 16 մասնակցողներուն մէջ գրաւած էր 8-րդ դիրքը եւ ապահոված փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Իսկ Քարլսըն 10,5 կէտով գրաւած էր առաջին դիրքը:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 220 հազար ամերիկեան տոլար:



