Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ համաձայնագիր մը ստորագրեց, սպանական «ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.-23» ընկերութեան հետ, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն առցանց դրութեամբ պիտի ներկայացնէ կատարուող մրցումներուն վիճակագրութիւնները:
Այդ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ բոլոր դասակարգերուն գծով, բացի` տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութենէն, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց բաժակի մրցաշարքի մրցումներէն:
Ֆետերասիոնին համար առաջնահերթ կը նկատուին Բ. , Գ. եւ Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնները, որոնք շատ յաճախ մոռացութեան կը մատնուին լիբանանցի մարզասէր հասարակութեան կողմէ: