Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայ մարտիկ Մելսիկ Պաղտասարեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ. »-ի հետ:
29 տարեկան Պաղտասարեան քիքպոքսինկի աշխարհի ախոյեան է:
Խառն մենամարտերուն («ԷՄ- ԷՄ. ԷՅ. ») ան կատարած է 6 մենամարտ, արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Ան իր նախորդ մենամարտը կատարեց սեպտեմբեր 2020-ին եւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց ամերիկացի Տենիս Պուզուքիային:



