Իրանի մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Կարապետեան (Ծաղկաձոր) երկրորդ դիրքը գրաւեց ոլորավայրէջքի մրցումներուն` շատ չնչին տարբերութեամբ մը ետ մնալով առաջին հանդիսացած իրանցի մարզիկէն:
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ան դարձեալ երկրորդ հանդիսացած էր աւելի երկար ոլորավայրէջքի մրցումներուն:
Նշենք, որ Կարապետեան իր մասնակցութիւնը բերած է 2018-ին Հարաւային Քորէայի Փիոյնկիանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 23-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն: