Թարազի ֆութպոլի ակումբին նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` Քայսարի դէմ կատարուած մրցումին, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիչը, որ նախապէս Հայաստանի մէջ գլխաւորած է նաեւ Փիւնիկ Երեւանն ու Արարատ-Արմենիան, այս տարուան փետրուարին գլխաւորեց ղազախական ակումբը:
2014-2015 տարեշրջանին ան գլխաւորած էր նաեւ ղազախական այլ ակումբ մը` Թոպոլը:



