Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 19-21 մարտին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ:
Գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան այս հաւաքին մասնակցելու համար նկատի առաւ 23 ֆութպոլիստներ, որոնք յատուկ փորձեր պիտի կատարեն անոր հսկողութեան տակ:



