Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի խումբին կատարելիք հաւաքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Նշուեցաւ, որ անոր ստացած վնասուածքը այդքան ալ լուրջ չէ, եւ ան շուտով միանալով հաւաքականին, պիտի մասնակցի Հայաստանի կատարելիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Հայրենի կազմը զտումի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 25 մարտին, երբ հիւրը պիտի ըլլայ Լիխթնշթայնին:



