Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Ալաշկերտ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Կարէն Բարսեղեան վերադարձաւ Ալաշկերտ եւ միացաւ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած մարզչական կազմին:
Բարսեղեան վերջերս հեռացաւ Չարենցաւանի Վանէն, ուր կը վարէր փոխնախագահի պաշտօնը:
Նախորդ տարեշրջանին ան Վանի հետ Ա. դասակարգէն բարձրացաւ բարձրագոյն դասակարգ:
Երէկ` երկուշաբթի, 15 մարտին, Բարսեղեան նշեց իր ծննդեան 46-րդ տարեդարձը:



