Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ հիւրը եղաւ Աթալանթային, կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ անոր դաշտէն:
Նշենք, որ Եուվենթուսէն բացակայեցաւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (վիրաւոր):
Իր կարգին, այս հանգրուանի մրցումներուն Թորինոյի դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Ա. Էս. Ռոմա` 3-1 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հիւր կազմէն իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ մրցումին 46-րդ վայրկեանին: