Երէկ` երկուշաբթի, 19 ապրիլին, Եքաթերինպուրկի մէջ (Ռուսիա) վերսկսաւ աշխարհի ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքը, որ նախորդ տարի 23 մարտին կիսատ մնացած էր` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Ցարդ կատարուած են եօթը հանգրուանի մրցումներ, եւ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուին Եան Նեփոմնիաչի եւ Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւ, որոնք ապահոված են 4,5-ական կէտ:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 8 ճատրակ խաղացողներ: