Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի,18 ապրիլին, Նըժմէի դաշտին վրայ (Մանարա) իրարու դէմ կը մրցին ՀՄԸՄ եւ ՀՄՄ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 15:30-ին:
Անցեալին հայկական երկու կազմերը իրարու դէմ կը մրցէին Ա. դասակարգին մէջ: Սակայն, անոնց արձանագրած արդիւնքները դառնալով ոչ համոզիչ, անոնք փոխադրուեցան Բ. եւ ապա Գ. դասակարգ:
Կ՛ակնկալուի, որ հայկական զոյգ ակումբներն ալ իրենց համակիրներուն վերադարձնեն իրենց անցեալի օրերը եւ վերադառնան Ա. դասակարգ, երբ տիրական ներկայութիւն էին լիբանանեան դաշտերուն վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, վաղը` կիրակի, 18 ապրիլին, 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Հատասի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 13:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ:



