Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ` երկուշաբթի, 19 ապրիլին, հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց թենիսի միջազգային նոր դասաւորումը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի սերպ Նովաք Ճոքովիչ, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն ռուս Տանիիլ Մետվետեւ եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ:
Ռուս Անտրէ Ռուպլեւ, Մոնթէ Քարլոյի թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային մրցաշարքի աւարտականին հասած ըլլալուն պատճառով, շրջանցեց զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը եւ բարձրացաւ 7-րդ դիրք:
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով մնաց 23-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2280 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի անգլիացի Էշլի Պարթի:
Իսկ ռուսահայ Մարկարիթթա Գասպարեան կը շարունակէ մնալ 89-րդ դիրքին վրայ: